21 չէք կրնար բաժնեկցիլ Տէրոջ սեղանին եւ դեւերու սեղանին:
22 Նախանձի՞ գրգռենք Տէրը. միթէ մենք իրմէ ուժե՞ղ ենք:
23 Ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ամէն բան օգտակար չէ. ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ամէն բան շինիչ չէ:
24 Ո՛չ մէկը թող փնտռէ միայն իր շահը, հապա ամէն մէկը՝ ուրիշի՛նն ալ:
25 Կերէ՛ք ամէն ինչ որ կը ծախուի վաճառանոցը, առանց զննելու՝ խղճմտանքի պատճառով.
26 որովհետեւ «Տէրոջն է երկիրը եւ անոր լիութիւնը»:
27 Եթէ անհաւատներէն մէկը ճաշի հրաւիրէ ձեզ ու տրամադիր ըլլաք երթալու, կերէ՛ք ամէն ինչ՝ որ կը հրամցուի ձեզի, առանց հարցնելու՝ խղճմտանքի պատճառով: