Ա Կորնթացիներին 14:23-29 WA53

23 Ուրեմն, եթէ ամբողջ եկեղեցին համախմբուի տեղ մը եւ բոլորն ալ խօսին անծանօթ լեզուներ, ու հոն մտնեն տգէտներ կամ անհաւատներ, պիտի չըսե՞ն թէ դուք խելագարած էք:

24 Իսկ եթէ բոլորն ալ մարգարէանան, ու հոն մտնէ անհաւատ մը կամ տգէտ մը, բոլորէն ալ կը կշտամբուի, բոլորէն ալ կը դատուի:

25 Եւ այսպէս՝ անոր սիրտին գաղտնիքները երեւան կ՚ելլեն, ու երեսի վրայ իյնալով պիտի երկրպագէ Աստուծոյ, եւ յայտարարէ թէ ի՛րապէս Աստուած ձեր մէջ է:

26 Ուրեմն ի՞նչ, եղբայրնե՛ր: Երբ կը համախմբուիք, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի սաղմոս մը, ուսուցում մը, լեզու մը, յայտնութիւն մը, մեկնութիւն մը՝՝, ամէն բան թող ըլլայ շինութեա՛ն համար:

27 Եթէ մէկը խօսի անծանօթ լեզուով, երկու, կամ ամենէն շատը՝ երեք հոգի թող ըլլան, եւ խօսին կարգով. մէկն ալ թող թարգմանէ:

28 Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, թող լռէ եկեղեցիին մէջ, ու թող խօսի ինքնիրեն եւ Աստուծոյ հետ:

29 Մարգարէները թող խօսին՝ երկու կամ երեք հոգի, ու միւսները վճռեն: