28 Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, թող լռէ եկեղեցիին մէջ, ու թող խօսի ինքնիրեն եւ Աստուծոյ հետ:
29 Մարգարէները թող խօսին՝ երկու կամ երեք հոգի, ու միւսները վճռեն:
30 Իսկ եթէ ուրիշի մը՝ որ նստած է՝ բան մը յայտնուի, առաջինը թող լռէ:
31 Որովհետեւ բոլորդ ալ կրնաք մէկ առ մէկ մարգարէանալ, որպէսզի բոլորն ալ սորվին, եւ բոլորն ալ մխիթարուին:
32 Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն կը հպատակին.
33 քանի որ Աստուած խառնակութեան Աստուած չէ, հապա՝ խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
34 Եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր կիները թող լռեն, որովհետեւ անոնց արտօնուած չէ խօսիլ, հապա՝ հպատակիլ, ինչպէս կ՚ըսէ Օրէնքն ալ: