1 Առհասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ. եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ իսկ չկայ, որպէս թէ մէկը ունենայ իր հօր կինը :
2 Ու դուք հպարտացած էք, փոխանակ սգալու, որպէսզի ձեր մէջէն վերցուի ա՛ն՝ որ այս արարքը կատարեց:
3 Արդարեւ ես - թէպէտ մարմինով բացակայ եմ, բայց հոգիով՝ ներկայ - արդէն իսկ դատեցի այսպիսի արարք գործողը, որպէս թէ ներկայ ըլլալով:
4 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, երբ հաւաքուիք՝ դուք եւ իմ հոգիս, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեամբ,
5 մատնեցէ՛ք այդպիսի մէկը Սատանային՝ մարմինին աւերումին համար, որպէսզի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսի օրը:
6 Այդ ձեր պարծանքը լաւ չէ: Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը՝ կը խմորէ ամբողջ զանգուածը:
7 Ուրեմն մաքրուեցէ՛ք հին խմորէն՝ որպէսզի ըլլաք նոր զանգուած մը, քանի որ անխմոր էք: Որովհետեւ Քրիստոս՝ մեր զատիկը՝ զոհուեցաւ մեզի համար.