13 Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ՝ կերակուրներուն. բայց Աստուած ասիկա՛ ալ, անո՛նք ալ պիտի ոչնչացնէ: Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջ, ու Տէրը՝ մարմինին համար:
14 Եւ Աստուած՝ որ յարուցանեց Տէրը, պիտի յարուցանէ նաեւ մե՛զ՝ իր զօրութեամբ:
15 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են: Ուրեմն Քրիստոսի անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ: Ամե՛նեւին:
16 Չէ՞ք գիտեր թէ ա՛ն որ պոռնիկի կը միանայ, անոր հետ մէկ մարմին կ՚ըլլայ. քանի որ Գիրքը կ՚ըսէ. «Երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին»:
17 Իսկ ա՛ն որ Տէրոջ կը միանայ, անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ:
18 Փախէ՛ք պոռնկութենէն: Ամէն մեղք՝ որ մարդ կը գործէ, իր մարմինէն դուրս է. բայց ա՛ն որ կը պոռնկի, կը մեղանչէ իր մարմինի՛ն դէմ:
19 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր,