15 Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի: Եղբայր մը կամ քոյր մը ստրուկ չէ այդպիսի պարագաներու մէջ. սակայն Աստուած կանչեց մեզ խաղաղութեան:
16 Որովհետեւ դուն ի՞նչ գիտես, կի՛ն. թերեւս պիտի փրկես ամուսինդ: Կամ դուն ի՞նչ գիտես, մա՛րդ. թերեւս պիտի փրկես կինդ:
17 Այլապէս՝ ի՛նչպէս Տէրը բաշխեց իւրաքանչիւրին, ի՛նչպէս Աստուած կանչեց իւրաքանչիւրը, ա՛յնպէս թող ընթանայ: Ես ա՛յսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
18 Եթէ թլփատուած մէկը կանչուեցաւ հաւատքի, թող անթլփատ չդառնայ: Եթէ մէկը կանչուեցաւ անթլփատութեան մէջ, թող չթլփատուի:
19 Որովհետեւ թլփատութիւնը բան մը չէ, եւ անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ, հապա Աստուծոյ պատուիրաններուն պահպանումն է էականը:
20 Իւրաքանչիւրը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող մնայ անոր մէջ:
21 Ստրո՞ւկ էիր երբ կանչուեցար. հոգ մի՛ ըներ այդ մասին. բայց եթէ կրնաս ազատագրուիլ, առաւելապէս օգտուէ՛ առիթէն: