1 Այժմ, ինչ կը վերաբերի կուռքերուն զոհուած բաներուն, գիտենք թէ բոլորս ալ գիտութիւն ունինք: Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը կը շինէ:
2 Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բա՛ն մը գիտէ, դեռ ոչինչ գիտէ այնպէս՝ ինչպէս պէտք է գիտնալ:
3 Սակայն եթէ մէկը կը սիրէ Աստուած, ինք ճանչցուած է անկէ:
4 Ուրեմն, ինչ կը վերաբերի կուռքերուն զոհուած բաները ուտելու, գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ, եւ թէ ուրիշ ոեւէ Աստուած չկայ՝ մէկէն զատ:
5 Քանի որ՝ թէեւ ըլլան աստուած կոչուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ երկրի վրայ, (ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր,)
6 մենք ունինք մէ՛կ Աստուած՝ Հա՛յրը, որմէ են բոլոր բաները, եւ մենք՝ անոր կը պատկանինք՝՝, ու մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, որով գոյութիւն ունին՝՝ բոլոր բաները, եւ մենք՝ անով կանք: