12 Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը:
13 Ուստի հպատակեցէ՛ք ամէն մարդկային հաստատութեան՝ Տէրոջ համար. ըլլա՛յ թագաւորին՝ որպէս բարձրագոյնին,
14 ըլլա՛յ կառավարիչներուն՝ որպէս անոր կողմէն ղրկուածներու, վրէժ առնելու չարագործներէն եւ գովելու բարեգործները:
15 Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը՝ բարիք գործելով,
16 ըլլալով ազատ բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ո՛չ թէ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա՝ իբր Աստուծոյ ծառաներ:
17 Պատուեցէ՛ք բոլորը. սիրեցէ՛ք եղբայրները. վախցէ՛ք Աստուծմէ. պատուեցէ՛ք թագաւորը:
18 Ծառանե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր տէրերուն ամբողջ երկիւղածութեամբ. ո՛չ միայն բարիներուն եւ ազնիւներուն, այլ նաեւ կամակորներուն: