Ա Պետրոս 4:13-19 WA53

13 Հապա ուրախացէ՛ք՝ քանի որ կը հաղորդակցիք Քրիստոսի չարչարանքներուն, որպէսզի անոր փառքի յայտնութեան ատենն ալ ուրախանաք ցնծութեամբ:

14 Եթէ նախատուիք Քրիստոսի անունին համար՝ երանելի՜ էք, որովհետեւ փառքի (ու զօրութեան) եւ Աստուծոյ Հոգին հանգչած է ձեր վրայ. արդարեւ ան կը հայհոյուի անոնցմէ, բայց կը փառաւորուի ձեզմէ՝՝:

15 Ձեզմէ ո՛չ մէկը թող չարչարուի իբր մարդասպան, կամ գող, կամ չարագործ, կամ իբր ուրիշին միջամուխ:

16 Սակայն եթէ չարչարուի իբր քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա թող փառաւորէ Աստուած այս մասին:

17 Որովհետեւ ատենը եկած է՝ որ դատաստանը սկսի Աստուծոյ տունէն: Ու եթէ նախ սկսի մեզմէ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ վախճանը անոնց՝ որ չեն անսար Աստուծոյ աւետարանին:

18 Եթէ արդարը հազիւ կը փրկուի, ի՞նչ պիտի ըլլան՝՝ ամբարիշտն ու մեղաւորը:

19 Հետեւաբար, անոնք որ կը չարչարուին Աստուծոյ կամքին համաձայն, բարիք գործելով թող աւանդեն իրենց անձերը անոր՝ իբր հաւատարիմ Արարիչին: