Ա Թեսաղոնիկեցիներին 2:4-10 WA53

4 այլ կը խօսինք այնպէս՝ ինչպէս մենք զատորոշուեցանք Աստուծմէ, որպէսզի աւետարանը վստահուի մեզի, ո՛չ թէ մարդիկ հաճեցնելու համար, հապա Աստուած՝ որ կը քննէ մեր սիրտերը:

5 Քանի որ մենք բնա՛ւ չգործածեցինք շողոքորթութեան խօսքեր,- ինչպէս գիտէք,- ո՛չ ալ ագահութեան պատրուակ մը,- Աստուած վկայ է.-

6 եւ փառք չփնտռեցինք մարդոցմէ,- ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն:-

7 Թէեւ կրնայինք՝ իբր Քրիստոսի առաքեալներ՝ ծանրութիւն ըլլալ ձեզի, մենք հեզահամբոյր եղանք ձեր մէջ:

8 Ինչպէս դայեակ մը կը փայփայէ իր զաւակները, նոյնպէս մենք՝ գորովագութ ըլլալով ձեզի հանդէպ՝ կը յօժարէինք տալ ձեզի ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը, հապա մեր անձերն ալ, որովհետեւ դուք սիրելի եղաք մեզի:

9 Կը յիշէք, եղբայրնե՛ր, մեր աշխատանքն ու տաժանքը. գիշեր ու ցերեկ գործելով քարոզեցինք ձեզի Աստուծոյ աւետարանը, չծանրաբեռնելու համար ձեզմէ ոեւէ մէկը:

10 Դուք վկայ էք, եւ Աստուած ալ, թէ ի՛նչպէս սրբութեամբ, արդարութեամբ ու անմեղադրելի կերպով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ կը հաւատաք: