Ա Թեսաղոնիկեցիներին 4:11-17 WA53

11 ու պատի՛ւ համարէք հանդարտ կենալ, ձեր գործերով զբաղիլ եւ ձեր ձեռքերով աշխատիլ, (ինչպէս պատուիրեցինք ձեզի,) որպէսզի դուրսիններուն հետ վարուիք վայելչութեամբ ու ո՛չ մէկ բանի՝՝ պէտք ունենաք: ու պատի՛ւ համարէք հանդարտ կենալ, ձեր գործերով զբաղիլ եւ ձեր ձեռքերով աշխատիլ, (ինչպէս պատուիրեցինք ձեզի,) որպէսզի դուրսիններուն հետ վարուիք վայելչութեամբ ու ո՛չ մէկ բանի՝՝ պէտք ունենաք:

12 Եղբայրնե՛ր, չենք ուզեր որ անգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն մասին, որպէսզի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որ յոյս չունին:

13 Արդարեւ եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ հաւատանք թէ Աստուած պիտի բերէ Յիսուսով ննջողները՝ անոր հետ:

14 Որովհետեւ սա՛ կը յայտարարենք ձեզի՝ Տէրոջ խօսքով, թէ մենք՝ մինչեւ Տէրոջ գալուստը ողջ մնացողներս՝ բնա՛ւ պիտի չկանխենք ննջեցեալները:

15 Քանի որ նոյնինքն Տէրը պիտի իջնէ երկինքէն՝ ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնով եւ Աստուծոյ փողով, ու նախ Քրիստոսով մեռածնե՛րը յարութիւն պիտի առնեն:

16 Ապա մենք, ողջ մնացողներս, անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով՝ Տէրը դիմաւորելու օդին մէջ, եւ այդպէս Տէրոջ հետ պիտի ըլլանք յաւիտեան:

17 Հետեւաբար մխիթարեցէ՛ք զիրար այս խօսքերով: