Բ Կորնթացիներին 1:8-14 WA53

8 Որովհետեւ չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք Ասիայի մէջ մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն:

9 Բայց մահուան վճիռը ունէինք մեր վրայ, որպէսզի վստահինք ո՛չ թէ մենք մեզի, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ:

10 Ան այդպիսի մեծ մահէ մը ազատեց մեզ, ու կ՚ազատէ.

11 եւ կը յուսանք թէ ան տակաւին պիտի ազատէ: Դուք ալ կը գործակցիք՝ մեզի համար աղերսելով, որպէսզի շատեր շնորհակալ ըլլան մեր պատճառով՝ շատ անձերու աղօթքին միջոցով մեզի եղած շնորհին համար:

12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:

13 Որովհետեւ ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, քան ինչ որ դուք կը կարդաք ու կը հասկնաք. եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վախճանն ալ պիտի հասկնաք,

14 ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը: