7 Եւ որպէսզի չափէն աւելի չպանծամ յայտնութիւններուն գերազանցութեամբ, մարմինի փուշ մը տրուեցաւ ինծի, Սատանայի պատգամաւոր մը՝ կռփահարելու համար զիս, որպէսզի չպանծամ չափէն աւելի:
8 Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջ, որ հեռանայ ինձմէ:
9 Բայց ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կ՚իրագործուի տկարութեան մէջ»: Ուրեմն մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս:
10 Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:
11 Ես անմիտ եղայ պարծենալով. դո՛ւք հարկադրեցիք զիս. որովհետեւ ե՛ս պարտաւոր էի յանձնարարուած ըլլալ ձեզմէ, քանի որ ոչինչո՛վ ետ կը մնամ գերագոյն առաքեալներէն, թէպէտ ես ոչինչ եմ:
12 Ի՛րապէս առաքեալի մը նշանները գործուեցան ձեր մէջ՝ ամբողջ համբերութեամբ, նշաններով, սքանչելիքներով եւ հրաշքներով:
13 Որովհետեւ ինչո՞վ ետ մնացիք միւս եկեղեցիներէն, բացի անով՝ որ ես բեռ չեղայ ձեզի: Ներեցէ՛ք ինծի այս անիրաւութիւնը: