1 Այս երրորդ անգամն է որ կու գամ ձեզի. ամէն խօսք պիտի հաստատուի երկու կամ երեք վկաներու բերանով:
2 Նախապէս ըսի, ու երկրորդ անգամ կանխաւ կ՚ըսեմ (որպէս թէ ներկայ ըլլամ). թէպէտ հիմա բացակայ եմ, կը գրեմ առաջուան մեղանչողներուն եւ բոլոր միւսներուն, որ եթէ դարձեալ գամ՝ պիտի չխնայեմ.
3 որովհետեւ ապացոյց կը փնտռէք թէ Քրիստոս կը խօսի ինձմով: Ան տկար չէ ձեզի հանդէպ, հապա հզօր է ձեր մէջ.
4 քանի որ՝ թէպէտ խաչուեցաւ տկարութեամբ՝ կ՚ապրի Աստուծոյ զօրութեամբ. մե՛նք ալ տկար ենք անով, բայց պիտի ապրինք անոր հետ՝ Աստուծոյ զօրութեամբ, ձեզի սպասարկելու համար: