Բ Կորնթացիներին 13:7-13 WA53

7 Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ՝ որ դուք ո՛չ մէկ չարիք ընէք. ո՛չ թէ՝ որպէսզի մենք գնահատելի երեւինք, հապա՝ որպէսզի դուք ընէք ինչ որ պարկեշտ է, թէեւ մենք խոտելի թուինք:

8 Որովհետեւ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա՝ ճշմարտութեան համար:

9 Քանի որ կ՚ուրախանանք՝ երբ մենք տկար ենք, իսկ դուք՝ զօրաւոր էք. սա՛ կ՚ըղձանք նաեւ - ձեր կատարելութիւնը:

10 Ուստի կը գրեմ ձեզի այս բաները՝ բացակայ ըլլալով, որպէսզի երբ ներկայ ըլլամ՝ սաստկութեամբ չվարուիմ այն իրաւասութեան համեմատ, որ Տէրը տուաւ ինծի՝ շինելու, եւ ո՛չ թէ քանդելու համար:

11 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք: Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ:

12 Բարեւեցէ՛ք զիրար սուրբ համբոյրով. բոլոր սուրբերը կը բարեւեն ձեզ:

13 Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: