4 Որովհետեւ շատ տառապանքի մէջ եւ սիրտի կսկիծով գրեցի ձեզի՝ շատ արցունքով. ո՛չ թէ՝ որպէսզի տրտմիք, հապա գիտնաք այն յորդառատ սէ՛րը՝ որ ունիմ ձեզի հանդէպ:
5 Իսկ եթէ մէկը տրտմեցուց, ո՛չ թէ տրտմեցուց զիս, հապա մասամբ (որպէսզի չծանրաբեռնեմ) ձեզ բոլորդ՝՝:
6 Բաւական է այդպիսի մարդուն այն պատիժը՝ որ տրուեցաւ շատերէ:
7 Հետեւաբար՝ ընդհակառակը՝ պէտք է փոխարէնը ներել անոր ու մխիթարել զայն, որպէսզի այնպիսին չյուսալքուի չափազանց տրտմութենէն:
8 Ուստի կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ անոր հանդէպ վաւերացնէք ձեր սէրը.
9 (քանի որ սա՛ նպատակով ալ գրեցի, որպէսզի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ էք:
10 Անո՛ր՝ որուն դուք որեւէ բան ներէք, ե՛ս ալ կը ներեմ. որովհետեւ եթէ որեւէ բան ներած եմ, ձե՛ր պատճառով անոր ներած եմ՝ Քրիստոսի անձով.)