5 Իսկ եթէ մէկը տրտմեցուց, ո՛չ թէ տրտմեցուց զիս, հապա մասամբ (որպէսզի չծանրաբեռնեմ) ձեզ բոլորդ՝՝:
6 Բաւական է այդպիսի մարդուն այն պատիժը՝ որ տրուեցաւ շատերէ:
7 Հետեւաբար՝ ընդհակառակը՝ պէտք է փոխարէնը ներել անոր ու մխիթարել զայն, որպէսզի այնպիսին չյուսալքուի չափազանց տրտմութենէն:
8 Ուստի կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ անոր հանդէպ վաւերացնէք ձեր սէրը.
9 (քանի որ սա՛ նպատակով ալ գրեցի, որպէսզի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՛նդ էք:
10 Անո՛ր՝ որուն դուք որեւէ բան ներէք, ե՛ս ալ կը ներեմ. որովհետեւ եթէ որեւէ բան ներած եմ, ձե՛ր պատճառով անոր ներած եմ՝ Քրիստոսի անձով.)
11 որպէսզի Սատանան մեզ չկեղեքէ, քանի որ չենք անգիտանար անոր դիտաւորութիւնները: