Բ Կորնթացիներին 3:1-7 WA53

1 Սկսի՞նք դարձեալ մենք մեզ յանձնարարել. կամ թէ՝ ոմանց պէս՝ պէ՞տք են մեզի յանձնարարական նամակներ ձեզի, կամ յանձնարարութիւն ձեզմէ:

2 Դո՛ւք էք մեր նամակը՝ մեր սիրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած բոլոր մարդոցմէն.

3 բացայայտ ըլլալով որ դուք Քրիստոսի նամակն էք՝ մեր սպասարկութեամբ, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա՝ ապրող Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա՝ սիրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ:

4 Մենք այսպիսի վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ՝ Քրիստոսի միջոցով:

5 Ո՛չ թէ մենք մեզմէ ընդունակ ենք մտածել որեւէ բան՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր ընդունակութիւնը Աստուծմէ է:

6 Ան նաեւ ընդունակ ըրաւ մեզ Նոր Կտակարանին սպասարկուներ ըլլալու. ո՛չ թէ գիրին, հապա՝ Հոգիին, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց Հոգին կեանք կու տայ:

7 Իսկ եթէ քարերու վրայ փորագրուած մահուան սպասարկութիւնը ա՛յնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար ակնապիշ նայիլ Մովսէսի երեսին՝ անոր դէմքին պայծառութեան պատճառով, որ պիտի ոչնչանար,