7 (որովհետեւ հաւատքո՛վ կ՚ընթանանք, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ.)
8 վստահութիւն ունինք, եւ առաւելապէս կ՚ուզենք հեռանալ մարմինէն ու մօտ ըլլալ Տէրոջ:
9 Ուստի պատիւ կը համարենք ընդունելի ըլլալ անոր, մօտ թէ հեռու:
10 Որովհետեւ պէտք է որ բոլորս ալ ներկայանանք Քրիստոսի դատարանին առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ այն բաներուն համեմատ՝ որ իր մարմինին մէջ եղած ատեն ըրած է, բարի կամ չար:
11 Ուրեմն՝ գիտնալով Տէրոջ վախը՝ կը համոզենք մարդիկ. սակայն մենք բացայայտ ենք Աստուծոյ առջեւ, եւ կը յուսամ թէ բացայայտ ենք նաեւ ձեր խղճմտանքին մէջ:
12 Որովհետեւ մենք մեզ դարձեալ չենք յանձնարարեր ձեզի, հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէսզի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ կը պարծենան երեւոյթով, եւ ո՛չ թէ սիրտով:
13 Քանի որ եթէ ցնորած ենք՝ ատիկա Աստուծոյ համար է, ու եթէ խոհեմ ենք՝ ատիկա ձեզի համար է: