3 Բնա՛ւ սայթաքում չենք պատճառեր՝ որեւէ բանի մէջ, որպէսզի մեր սպասարկութիւնը չարատաւորուի:
4 Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ, շատ համբերութեամբ, տառապանքներու մէջ, հարկադրանքներու, տագնապներու,
5 ծեծերու, բանտերու, խառնակութիւններու, աշխատանքներու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,
6 մաքրակեցութեամբ, գիտութեամբ, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,
7 ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զրահով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է.
8 փառքով եւ անպատուութեամբ, վատ համբաւով թէ բարի համբաւով, մոլորեցուցիչներու պէս՝ բայց ճշմարտախօսներ,
9 անծանօթներու պէս՝ սակայն լաւ ճանչցուածներ. մահամերձի պէս՝ եւ ահա՛ կ՚ապրինք, պատժուածներու պէս՝ ու չենք մեռցուած.