3 Որովհետեւ մեծապէս ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու վկայեցին քու ճշմարտութեանդ մասին, թէ կ՚ընթանաս ճշմարտութեամբ:
4 Ամենամեծ ուրախութիւնս է լսել՝ թէ իմ զաւակներս կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ:
5 Սիրելի՛ս, դուն հաւատա՛րմաբար կ՚ընես՝ ինչ որ կ՚ընես եղբայրներուն եւ օտարականներուն.
6 անոնք վկայեցին քու սիրոյդ մասին եկեղեցիին առջեւ: Եթէ ուղարկես զանոնք աստուածահաճոյ կերպով՝ լա՛ւ կ՚ընես.
7 որովհետեւ անոնք մեկնեցան Աստուծոյ անունին համար՝ ոչինչ առնելով հեթանոսներէն:
8 Ուրեմն մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդպիսիները, որպէսզի գործակից ըլլանք ճշմարտութեան:
9 Գրեցի եկեղեցիին. բայց Դիոտրեփէս, որ կ՚ուզէ անոնց մէջ առաջին ըլլալ, չ՚ընդունիր մեզ: