21 Ապա գացի Սուրիայի ու Կիլիկիայի շրջանները:
22 Ես դէմքով անծանօթ էի Հրէաստանի մէջ եղած Քրիստոսի եկեղեցիներուն.
23 անոնք միայն լսած էին թէ “ա՛ն որ ժամանակին կը հալածէր մեզ, հիմա կ՚աւետէ այն հաւատքը՝ որ ատենօք կը տապալէր”,
24 եւ ինձմով կը փառաւորէին Աստուած: