1 Յետոյ, տասնչորս տարի ետք, դարձեալ բարձրացայ Երուսաղէմ՝ Բառնաբասի հետ, Տիտոսն ալ միասին առնելով:
2 Բարձրացած էի յայտնութեամբ, եւ անոնց ներկայացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոսներուն մէջ կը քարոզեմ. բայց առանձին անոնց՝ որ երեւելիներ էին, որպէսզի ընդունայն չվազեմ կամ վազած չըլլամ:
3 Բայց ո՛չ իսկ ինծի հետ եղող Տիտոսը, որ Յոյն էր, հարկադրուեցաւ թլփատուիլ՝
4 գաղտնի ներս բերուած սուտ եղբայրներուն պատճառով, որոնք ներս սպրդած էին՝ լրտեսելու համար Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը, որպէսզի ստրուկ ընեն մեզ.
5 անոնց տեղի չտուինք՝ նոյնիսկ քիչ մը ատեն՝՝ ենթարկուելով, որպէսզի աւետարանին ճշմարտութիւնը ձեր մէջ մնայ: