14 Յիսուս կը հանէր դեւ մը՝ որ համր էր: Երբ դեւը դուրս ելաւ՝ համրը խօսեցաւ, եւ բազմութիւնները սքանչացան:
15 Բայց անոնցմէ ոմանք ըսին. «Ան դեւերու Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով կը հանէ դեւերը»:
16 Ուրիշներ ալ՝ փորձելու համար՝ կը խնդրէին իրմէ նշան մը երկինքէն:
17 Բայց ինք գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ անոնց. «Ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն՝ կ՚աւերի, եւ տուն մը ինքնիր դէմ բաժնուած՝ կը փլչի:
18 Հապա եթէ Սատանա՛ն ինքնիր դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ. որովհետեւ կ՚ըսէք թէ Բէեղզեբուղո՛վ կը հանեմ դեւերը:
19 Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով կը հանեմ դեւերը, ձեր որդինե՛րը ինչո՞վ կը հանեն. ուստի անո՛նք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները:
20 Բայց եթէ ես Աստուծո՛յ մատով կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը հասած է ձեր վրայ: