19 Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով կը հանեմ դեւերը, ձեր որդինե՛րը ինչո՞վ կը հանեն. ուստի անո՛նք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները:
20 Բայց եթէ ես Աստուծո՛յ մատով կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը հասած է ձեր վրայ:
21 Երբ ուժեղ մարդ մը՝ զէնքերը վրան առած՝ պահպանէ իր տան գաւիթը, անոր ինչքը կը մնայ խաղաղութեան մէջ:
22 Բայց երբ իրմէ աւելի ուժեղը յարձակի վրան ու յաղթէ անոր, կը գրաւէ անոր զէնքերը՝ որոնց ան վստահած էր, եւ կը բաշխէ իրմէ առած կողոպուտը:
23 Ա՛ն որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է, եւ ա՛ն որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ»:
24 «Երբ անմաքուր ոգին դուրս ելլէ մարդէ մը, կը շրջի անջուր տեղեր, հանգստութիւն կը փնտռէ, ու եթէ չգտնէ՝ կ՚ըսէ. “Վերադառնամ իմ տունս՝ ուրկէ ելայ”:
25 Եւ կու գայ, զայն կը գտնէ աւլուած ու զարդարուած: