Ղուկաս 16:20-26 WA53

20 Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար՝ պալարներով ծածկուած, որ պառկած էր անոր դրան քով,

21 ու կը ցանկար կշտանալ հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն. նաեւ շուներն ալ կու գային եւ կը լզէին անոր պալարները:

22 Այդ աղքատը մեռաւ, ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զայն: Հարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ:

23 Մինչ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր, իր աչքերը բարձրացնելով՝ հեռուէն տեսաւ Աբրահամը, ու Ղազարոսը՝ անոր գոգը հանգիստ նստած:

24 Ուստի գոչեց. “Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՜ ինծի ու ղրկէ՛ Ղազարոսը, որպէսզի ջուրի մէջ թաթխէ իր մատին ծայրը եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ կը տանջուիմ այս բոցին մէջ”:

25 Աբրահամ ըսաւ. “Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ դուն կեանքիդ ընթացքին ստացար բարիքներդ, նմանապէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա ան (հոս) կը մխիթարուի, ու դուն կը տանջուիս:

26 Այս բոլորէն զատ՝ մեր եւ ձեր մէջտեղ հաստատուած մեծ անդունդ մը կայ, որպէսզի ասկէ ձեզի անցնիլ ուզողները չկարենան, ո՛չ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին”: