24 Ուստի գոչեց. “Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՜ ինծի ու ղրկէ՛ Ղազարոսը, որպէսզի ջուրի մէջ թաթխէ իր մատին ծայրը եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ կը տանջուիմ այս բոցին մէջ”:
25 Աբրահամ ըսաւ. “Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ դուն կեանքիդ ընթացքին ստացար բարիքներդ, նմանապէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա ան (հոս) կը մխիթարուի, ու դուն կը տանջուիս:
26 Այս բոլորէն զատ՝ մեր եւ ձեր մէջտեղ հաստատուած մեծ անդունդ մը կայ, որպէսզի ասկէ ձեզի անցնիլ ուզողները չկարենան, ո՛չ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին”:
27 Ան ալ ըսաւ. “Ուրեմն կը խնդրեմ քեզմէ, հա՛յր, որ ղրկես զայն հօրս տունը,
28 քանի որ հինգ եղբայր ունիմ. որպէսզի վկայէ անոնց, որ անոնք ալ չգան այս տանջանքի տեղը”:
29 Աբրահամ ըսաւ անոր. “Անոնք ունին Մովսէսն ու մարգարէները, թող անո՛նց մտիկ ընեն”:
30 Ան ալ ըսաւ. “Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ. հապա եթէ մեռելներէ՛ն մէկը երթայ անոնց՝ պիտի ապաշխարեն”: