27 Ան ալ ըսաւ. “Ուրեմն կը խնդրեմ քեզմէ, հա՛յր, որ ղրկես զայն հօրս տունը,
28 քանի որ հինգ եղբայր ունիմ. որպէսզի վկայէ անոնց, որ անոնք ալ չգան այս տանջանքի տեղը”:
29 Աբրահամ ըսաւ անոր. “Անոնք ունին Մովսէսն ու մարգարէները, թող անո՛նց մտիկ ընեն”:
30 Ան ալ ըսաւ. “Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ. հապա եթէ մեռելներէ՛ն մէկը երթայ անոնց՝ պիտի ապաշխարեն”:
31 Իսկ ան ըսաւ անոր. “Եթէ մտիկ չեն ըներ Մովսէսի եւ մարգարէներուն, պիտի չհամոզուին՝ նոյնիսկ եթէ մէկը մեռելներէն յարութիւն առնէ”»: