24 Երբ Յիսուս տեսաւ զայն՝ շատ տրտմած, ըսաւ. «Ո՜րչափ դժուար է մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը անոնց՝ որ դրամ ունին:
25 Որովհետեւ աւելի դիւրին է՝ որ ուղտը անցնի ասեղին ծակէն, քան թէ հարուստը մտնէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը»:
26 Անոնք որ լսեցին՝ ըսին. «Ա՛լ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»:
27 Ինք ըսաւ. «Մարդոց քով անկարելի եղած բաները՝ Աստուծոյ քով կարելի են»:
28 Պետրոս ըսաւ. «Ահա՛ մենք թողուցինք ամէն ինչ ու հետեւեցանք քեզի»:
29 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Չկայ մէկը՝ որ թողուցած ըլլայ տուն, ծնողներ, եղբայրներ, կին, կամ զաւակներ՝ Աստուծոյ թագաւորութեան համար,
30 եւ չստանայ բազմապատի՛կը ա՛յս ատեն, ու յաւիտենական կեանքը՝ գալիք աշխարհին մէջ”»: