5 գո՛նէ պաշտպանեմ այս այրիին իրաւունքը՝ զիս անհանգստացնելուն համար, որպէսզի չգայ ամէն ատեն թախանձէ ինծի”»:
6 Եւ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը:
7 Հապա Աստուած պիտի չպաշտպանէ՞ իր ընտրեալներուն իրաւունքը, որոնք կը գոչեն իրեն ցերեկ ու գիշեր, թէեւ համբերատար ըլլայ անոնց հանդէպ:
8 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ շուտո՛վ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը. բայց երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»:
9 Սա՛ առակն ալ ըսաւ ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին թէ արդար են, եւ կ՚անարգէին ուրիշները.
10 «Երկու մարդ տաճարը բարձրացաւ աղօթելու, մէկը՝ Փարիսեցի, ու միւսը՝ մաքսաւոր:
11 Փարիսեցին կայնած էր եւ սա՛պէս կ՚աղօթէր ինքնիրեն. “Ո՛վ Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող, կամ ալ այս մաքսաւորին պէս.