1 Այդ օրերը Օգոստոս կայսրէն հրամանագիր ելաւ, որ ամբողջ երկրագունդը արձանագրուի:
2 (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ՝ երբ Կիւրենոս Սուրիայի վրայ կառավարիչ էր:)
3 Բոլորը կ՚երթային արձանագրուելու, իւրաքանչիւրը՝ իր քաղաքին մէջ:
4 Յովսէփ ալ՝ Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան՝ Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր,)
5 արձանագրուելու Մարիամի հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր:
6 Երբ անոնք հոն էին՝ անոր ծնանելու օրերը լրացան.