Ղուկաս 2:21-27 WA53

21 Երբ ութ օրերը լրացան՝ մանուկը տարին թլփատելու: Անոր անունը դրուեցաւ Յիսուս, որ հրեշտակին կոչած անունն էր՝ դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացուած:

22 Երբ անոնց մաքրութեան օրերը լրացան՝ Մովսէսի Օրէնքին համաձայն, Երուսաղէմ տարին զայն՝ Տէրոջ ներկայացնելու,

23 (ինչպէս գրուած է Տէրոջ Օրէնքին մէջ. «Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ պիտի կոչուի “Տէրոջ սրբացած”»,)

24 ու Տէրոջ Օրէնքին մէջ ըսուածին համաձայն զոհ մը ընծայելու՝ զոյգ մը տատրակ, կամ աղաւնիի երկու ձագ:

25 Այդ ատեն՝՝ Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր: Ան արդար եւ բարեպաշտ էր, Իսրայէլի մխիթարութեան կը սպասէր, ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր:

26 Ան պատգամ ստացած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէր՝ մինչեւ որ տեսնէր Տէրոջ Օծեալը:

27 Ան ալ՝ առաջնորդուելով Հոգիէն՝ եկաւ տաճարը. ու երբ ծնողները բերին Յիսուս մանուկը՝ որպէսզի Օրէնքին սովորութեան համաձայն կատարեն անոր համար,