4 Յովսէփ ալ՝ Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան՝ Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր,)
5 արձանագրուելու Մարիամի հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր:
6 Երբ անոնք հոն էին՝ անոր ծնանելու օրերը լրացան.
7 եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, խանձարուրով փաթթեց զայն ու մսուրին մէջ պառկեցուց, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար իրենց:
8 Այդ երկրամասը դաշտաբնակ հովիւներ կային, որոնք իրենց հօտերը կը պահպանէին գիշերուան մէջ:
9 Եւ ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը անոնց վրայ հասաւ, Տէրոջ փառքը անոնց շուրջը փայլեցաւ, ու սաստիկ վախցան:
10 Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահա՛ ես մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ ձեզի, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ.