16 Յովհաննէս պատասխանեց բոլորին. «Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով, բայց ինձմէ աւելի հզօրը կու գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
17 Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ ցորենը պիտի ժողվէ իր ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»:
18 Ուրիշ շատ բաներ ալ կ՚աւետէր՝ ժողովուրդը յորդորելով:
19 Բայց Հերովդէս չորրորդապետը, կշտամբուելով անկէ իր եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի համար, նաեւ բոլոր չարիքներուն համար՝ որ Հերովդէս ըրած էր,
20 սա՛ ալ աւելցուց այդ բոլորին վրայ.- բանտարկեց Յովհաննէսը:
21 Ամբողջ ժողովուրդը մկրտուեցաւ. Յիսուս ալ մկրտուեցաւ, ու երբ կ՚աղօթէր՝ երկինքը բացուեցաւ,
22 եւ Սուրբ Հոգին իջաւ անոր վրայ մարմնաւոր երեւոյթով՝ աղաւնիի պէս, ու ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի՛ հաճեցայ»: