5 Ամէն ձոր պիտի լեցուի, եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ. ծուռը պիտի շտկուի, խորտուբորտ տեղերը պիտի ըլլան հարթ ճամբաներ,
6 եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ Աստուծոյ փրկութիւնը”»:
7 Իրմէ մկրտուելու եկող բազմութեան ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն:
8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք, եւ մի՛ սկսիք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. քանի որ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ:
9 Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ՝ որ լաւ պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը նետուի»:
10 Բազմութիւնները հարցուցին իրեն. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»:
11 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Ո՛վ որ երկու բաճկոն ունի՝ մէկը թող տայ չունեցողին, եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ»: