27 Նաեւ շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ՝ Եղիսէ մարգարէին ատենը, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը մաքրուեցաւ, հապա միայն՝ Նէեման Ասորին”»:
28 Ժողովարանին մէջ բոլորն ալ զայրոյթով լեցուեցան՝ երբ լսեցին այս խօսքերը.
29 ուստի կանգնելով՝ դուրս հանեցին զայն քաղաքէն, եւ տարին զայն մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը՝ որուն վրայ իրենց քաղաքը կառուցանուած էր, որպէսզի բարձր տեղէն վար նետեն զայն:
30 Բայց ինք՝ անոնց մէջէն անցնելով՝ գնաց:
31 Ապա իջաւ Գալիլեայի Կափառնայում քաղաքը, ու Շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց:
32 Կ՚ապշէին անոր ուսուցումին վրայ, որովհետեւ իշխանութեամբ էր անոր խօսքը:
33 Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար՝ որ անմաքուր դեւի ոգի ունէր, եւ բարձրաձայն աղաղակեց.