1 Սկիզբէն էր Խօսքը, ու Խօսքը Աստուծոյ քով էր, եւ Խօսքը Աստուած էր.
2 ան սկիզբէն Աստուծոյ քով էր:
3 Ամէն ինչ եղաւ անո՛վ. եղածներէն ո՛չ մէկը եղաւ առանց անոր:
4 Կեանքը անով էր, ու կեանքը մարդոց լոյսն էր.
5 լոյսը կը փայլէր խաւարի մէջ, բայց խաւարը չճանչցաւ զայն:
6 Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար՝ որուն անունը Յովհաննէս էր:
7 Ասիկա եկաւ վկայութեան համար՝ որ վկայէ Լոյսին մասին, որպէսզի բոլորը հաւատան անոր միջոցով: