14 “Ե՛ս եմ բարի հովիւը”. կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս:
15 Ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ զիս՝ ես ալ կը ճանչնամ Հայրը, եւ իմ անձս կ՚ընծայեմ ոչխարներուն համար:
16 Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ՝ որոնք այս բակէն չեն. զանո՛նք ալ պէտք է բերեմ. ու իմ ձայնս պիտի լսեն, եւ ըլլան մէ՛կ հօտ ու մէ՛կ հովիւ:
17 Իմ Հայրս կը սիրէ զիս՝ քանի որ ես իմ անձս կ՚ընծայեմ, որպէսզի դարձեալ առնեմ զայն:
18 Ո՛չ մէկը կ՚առնէ զայն ինձմէ, հապա ե՛ս ինձմէ կ՚ընծայեմ զայն: Իշխանութիւն ունիմ ընծայելու զայն, եւ իշխանութիւն ունիմ դարձեալ առնելու զայն. այս պատուէրը ստացայ իմ Հօրմէս»:
19 Այս խօսքերուն համար՝ դարձեալ պառակտում եղաւ Հրեաներուն մէջ:
20 Անոնցմէ շատեր կ՚ըսէին. «Դե՛ւ կայ ատոր մէջ, ու խելագարած է. ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէք ատոր»: