36 հապա զայն՝ որ Հայրը սրբացուց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ի՞նչպէս կ՚ըսէք անոր. “Կը հայհոյե՛ս”, որովհետեւ ըսի. “Աստուծոյ Որդի եմ”:
37 Եթէ չեմ ըներ իմ Հօրս գործերը՝ մի՛ հաւատաք ինծի:
38 Իսկ եթէ կ՚ընեմ, թէպէտ չէք հաւատար ինծի՝ գոնէ գործերո՛ւն հաւատացէք, որպէսզի գիտնաք եւ հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է, ու ես՝ անոր մէջ»:
39 Դարձեալ կը ջանային ձերբակալել զայն. բայց գնաց անոնց ձեռքէն,
40 եւ դարձեալ մեկնեցաւ Յորդանանի միւս կողմը, այն տեղը՝ ուր Յովհաննէս նախապէս կը մկրտէր, ու մնաց հոն:
41 Շատեր գացին անոր եւ ըսին. «Իրա՛ւ Յովհաննէս նշա՛ն մը չըրաւ.
42 բայց ի՛նչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր մասին՝ ամէնը ճշմարիտ էր»: Ու հոն շատեր հաւատացին անոր: