26 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ա՛ն եմ»:
27 Այդ ատեն իր աշակերտները եկան, ու զարմացան որ կը խօսակցէր այդ կնոջ հետ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզես», կամ. «Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ»:
28 Ուստի կինը թողուց իր սափորը եւ գնաց քաղաքը, ու ըսաւ քաղաքացիներուն.
29 «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը»:
30 Անոնք ալ ելան քաղաքէն եւ կու գային անոր:
31 Այդ միջոցին աշակերտները իրեն կը թախանձէին ու կ՚ըսէին. «Ռաբբի՛, կե՛ր»:
32 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ես՝ ուտելու համար՝ ունի՛մ կերակուր մը, որ դուք չէք գիտեր»: