3 թողուց Հրէաստանը եւ դարձեալ Գալիլեա գնաց.
4 ու պէտք էր որ անցնէր Սամարիայի մէջէն:
5 Ուստի եկաւ Սամարացիներուն մէկ քաղաքը՝ որ Սուքար կը կոչուէր, այն վայրին մօտ՝ որ Յակոբ տուաւ իր որդիին՝ Յովսէփի:
6 Հոն կար Յակոբի մէկ աղբիւրը. ուրեմն Յիսուս՝ ճամբորդութենէն յոգնած ըլլալով՝ նստաւ այդ աղբիւրին քով: Գրեթէ վեցերորդ ժամն՝՝ էր:
7 Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր քաշելու: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր՝ խմելու».
8 (քանի որ իր աշակերտները քաղաքը գացեր էին՝ կերակուր գնելու համար:)
9 Ուստի սամարացի կինը ըսաւ անոր. «Դուն՝ որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ՚ուզես ջուր խմել ինձմէ՝ սամարացի կնոջմէ մը». որովհետեւ Հրեաները չեն հաղորդակցիր Սամարացիներուն հետ: