31 Այդ միջոցին աշակերտները իրեն կը թախանձէին ու կ՚ըսէին. «Ռաբբի՛, կե՛ր»:
32 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ես՝ ուտելու համար՝ ունի՛մ կերակուր մը, որ դուք չէք գիտեր»:
33 Ուրեմն աշակերտները կ՚ըսէին իրարու. «Արդեօք մէկը ուտելիք բերա՞ւ իրեն»:
34 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս՝ գործադրել է զիս ղրկողին կամքը, եւ աւարտել անոր գործը:
35 Դուք չէ՞ք ըսեր. “Տակաւին չորս ամիս կայ՝ որ հունձքի ատենը գայ”: Ահա՛ ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտե՛րը. արդէ՛ն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են”:
36 Ա՛ն որ կը հնձէ՝ վարձք կը ստանայ, եւ պտուղ կը ժողվէ յաւիտենական կեանքի համար, որպէսզի սերմանողն ու հնձողը ուրախանան միասին:
37 Որովհետեւ այս բանին մէջ ճշմարիտ է այն խօսքը. “Մէկը կը սերմանէ, եւ ուրի՛շ մը կը հնձէ”: