Հովհաննես 8:49-55 WA53

49 Յիսուս պատասխանեց. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես կը պատուեմ իմ Հայրս. բայց դուք՝ կ՚անպատուէ՛ք զիս:

50 Իսկ ես չեմ փնտռեր իմ փառքս: Կա՛յ մէկը՝ որ կը փնտռէ ու կը դատէ:

51 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ մէկը պահէ իմ խօսքս, մահ պիտի չտեսնէ յաւիտեա՛ն”»:

52 Ուստի Հրեաները ըսին անոր. «Հիմա գիտցանք թէ դեւ կայ քու ներսդ: Աբրահամ մեռաւ, ու մարգարէներն ալ, իսկ դուն կ՚ըսես. “Եթէ մէկը պահէ իմ խօսքս՝ մահ պիտի չհամտեսէ յաւիտեա՛ն”:

53 Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես՝ քան մեր հայրը՝ Աբրահամ, որ մեռաւ, ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կ՚ընես»:

54 Յիսուս պատասխանեց. «Եթէ ե՛ս զիս փառաւորեմ՝ իմ փառքս ոչի՛նչ է: Իմ Հա՛յրս է՝ որ կը փառաւորէ զիս, որուն համար դուք կ՚ըսէք թէ “մեր Աստուածն է”,

55 բայց չէք ճանչնար զայն: Իսկ ես կը ճանչնա՛մ զայն, ու եթէ ըսէի թէ “չեմ ճանչնար զայն”, ձեզի պէս ստախօս կ՚ըլլայի. մինչդեռ ես կը ճանչնամ զայն, եւ կը պահեմ անոր խօսքը: