19 Անկէ քիչ մը յառաջ երթալով՝ տեսաւ Զեբեդեան Յակոբոսն ու անոր եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք նաւուն մէջ կը կարկտնէին իրենց ուռկանները:
20 Իսկոյն կանչեց զանոնք. անոնք ալ գացին անոր ետեւէն, նաւուն մէջ ձգելով իրենց հայրը՝ Զեբեդէոսը վարձկաններուն հետ:
21 Մտան Կափառնայում, եւ իսկոյն Շաբաթ օրը ժողովարանը մտնելով՝ կը սորվեցնէր:
22 Անոնք կ՚ապշէին անոր ուսուցումին վրայ, որովհետեւ անոնց կը սորվեցնէր իշխանութիւն ունեցողի մը պէս, ո՛չ թէ դպիրներուն պէս:
23 Անոնց ժողովարանին մէջ մարդ մը կար՝ անմաքուր ոգիով: Ան աղաղակեց.
24 «Թո՛ղ մեզ. դուն ի՞նչ ունիս մեզի հետ, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար: Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը»:
25 Յիսուս զայն սաստեց՝ ըսելով. «Պապանձէ՛ ու ելի՛ր ատկէ»: