3 Եթէ մէկը ըսէ ձեզի. “Այդ ի՞նչ կ՚ընէք”, ըսէ՛ք. “Տէրոջ պէտք է”, եւ իսկոյն հոս պիտի ղրկէ զայն»:
4 Գացին ու գտան աւանակը, դուրսը՝ փողոցին մէջ, դրան քով կապուած, եւ արձակեցին զայն:
5 Հոն կայնողներէն ոմանք ըսին իրենց. «Ինչո՞ւ կ՚արձակէք այդ աւանակը»:
6 Իրենք ալ պատասխանեցին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր, եւ թոյլ տուին իրենց:
7 Երբ աւանակը բերին Յիսուսի, դրին անոր վրայ իրենց հանդերձները, ու նստաւ անոր վրայ:
8 Շատեր իրենց հանդերձները կը փռէին ճամբային վրայ. ուրիշներ ճիւղեր կը կտրէին ծառերէն եւ կը տարածէին ճամբային վրայ:
9 Առջեւէն գացողներն ու իրեն հետեւողները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜. օրհնեա՜լ է ա՛ն՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով: