6 Իրենք ալ պատասխանեցին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր, եւ թոյլ տուին իրենց:
7 Երբ աւանակը բերին Յիսուսի, դրին անոր վրայ իրենց հանդերձները, ու նստաւ անոր վրայ:
8 Շատեր իրենց հանդերձները կը փռէին ճամբային վրայ. ուրիշներ ճիւղեր կը կտրէին ծառերէն եւ կը տարածէին ճամբային վրայ:
9 Առջեւէն գացողներն ու իրեն հետեւողները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜. օրհնեա՜լ է ա՛ն՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով:
10 Օրհնեա՜լ է մեր Դաւիթ հօր թագաւորութիւնը՝ որ կու գայ՝՝: Ովսաննա՜ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:
11 Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը: Երբ շուրջը նայեցաւ՝ ամէն բանի վրայ, արդէն իրիկուան ժամը ըլլալուն՝ մեկնեցաւ Բեթանիա տասներկուքին հետ:
12 Հետեւեալ օրը՝ երբ կ՚ելլէին Բեթանիայէն՝ անօթեցաւ,