Մարկոս 12:28-34 WA53

28 Դպիրներէն մէկը մօտեցաւ, մտիկ ըրաւ անոնց՝ երբ կը վիճաբանէին, ու նշմարելով թէ լաւ պատասխանեց անոնց՝ հարցուց անոր. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրաններուն առաջինը»:

29 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրաններուն առաջինը սա՛ է. “Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ. Տէրը՝ մեր Աստուածը՝ միա՛կ Տէրն է:

30 Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ, ամբողջ միտքովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ”: Ա՛յս է առաջին պատուիրանը:

31 Ու երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”: Ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրան չկայ»:

32 Դպիրը ըսաւ անոր. «Լա՛ւ, վարդապե՛տ, ճշմարտութեամբ ըսիր թէ Աստուած մէ՛կ է, եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ.

33 նաեւ ամբողջ սիրտով, ամբողջ խելքով, ամբողջ անձով ու ամբողջ զօրութեամբ զայն սիրելը, եւ ընկերը իրեն պէս սիրելը՝ բոլոր ողջակէզներէն ու զոհերէն աւելի է»:

34 Յիսուս՝ տեսնելով որ ան խելամտութեամբ պատասխանեց, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»: Եւ ա՛լ ուրիշ ո՛չ մէկը կը յանդգնէր բան մը հարցնել անոր: