4 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ամէն ատեն յիշելով քեզ իմ աղօթքներուս մէջ,
5 երբ կը լսեմ քու սիրոյդ եւ հաւատքիդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ,
6 որպէսզի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը արդիւնաւոր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով ձեր մէջ եղած ամէն բարիքի գիտակցութեամբ:
7 Քանի որ մեծ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունինք քու սիրոյդ համար, որովհետեւ սուրբերուն սիրտը քեզմով հանգստացած է, եղբա՛յր:
8 Ուստի, թէպէտ Քրիստոսով շատ համարձակութիւն ունիմ հրամայելու քեզի ինչ որ պատշաճ է,
9 փոխարէնը կ՚աղաչե՛մ՝ սիրոյ համար, ըլլալով այնպիսի մէկը, ինչպէս եմ ես՝ Պօղոս, ծերացած, եւ հիմա՝ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը:
10 Կ՚աղաչե՛մ քեզի զաւակիս՝ Ոնեսիմոսի համար, որ ծնայ իմ կապերուս մէջ: