Փիլիպպեցիներին 1:23-29 WA53

23 Երկուքէն ալ պարտադրուած եմ. ցանկութիւն ունիմ մեկնելու եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու, ինչ որ շատ աւելի լաւ է.

24 սակայն մարմինի մէջ մնալը աւելի հարկաւոր է ձեզի համար:

25 Այս համոզումը ունենալով՝ գիտեմ թէ պիտի մնամ ու ձեր բոլորին հետ կենամ, որ դուք յառաջդիմէք եւ ուրախ ըլլաք հաւատքով.

26 որպէսզի իմ վրաս ձեր ունեցած պարծանքը ճոխանայ Քրիստոս Յիսուսով՝ դարձեալ ձեզի գալուս պատճառով:

27 Սակայն ապրեցէ՛ք Քրիստոսի աւետարանին արժանավայել կերպով. որպէսզի եթէ գամ ու տեսնեմ ձեզ, եւ կամ բացակայ ըլլամ, ձեր մասին լսեմ թէ հաստատուն կը կենաք՝ մէ՛կ հոգիով, ու միասին կը մարտնչիք՝ իբր մէ՛կ անձ՝ աւետարանի հաւատքին համար,

28 ո՛չ մէկ բանով սոսկալով հակառակորդներէն: Ատիկա անոնց համար ապացոյց մըն է կորուստի, իսկ ձեզի համար՝ փրկութեան,

29 որ Աստուծմէ է. որովհետեւ՝ Քրիստոսի պատճառով՝ ձեզի շնորհուեցաւ ո՛չ միայն հաւատալ անոր, այլ նաեւ չարչարուիլ անոր համար,