2 լիացուցէ՛ք իմ ուրախութիւնս՝ ըլլալով համախոհ եւ ունենալով միեւնոյն սէրը, մէ՛կ անձ ու մէ՛կ մտածում:
3 Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք՝՝:
4 Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը:
5 Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր.
6 Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,
7 հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝
8 խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը: